2016-03-23 10:31:00

Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ` տասը կուսանաց յիշատակի ժամերգութիւնը։


22 մարտ 2016-ի երեկոյեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ Աւագ երեքշաբթի օրուան յատուկ «Տասը կուսանաց» յիշատակի «Երեկոյեան» ժամերգութիւնը: Մատթէոս աւետարանի 24-րդ գլխուն մէջ պատմուած «Տասը կոյսերու» առակը, ուրկէ առնուած է ժամերգութեան անունը, կո՛չ մըն է քրիստոնեաներուն պատրաստ վիճակի մէջ ըլլալու Տիրոջ երկրորդ գալուստը դիմաւորելու:

«Համբարձի» շարականի երգեցողութենէն ետք, աւետարանական ընթերցումի ընթացքին Ազգային Եղիշէ Մանուկեան քոլեճէն տասը աշակերտուհիներ առաջնորդուեցան Մայր տաճարին դասը` իրենց ձեռքին ունենալով լապտերներու խորհրդանիշ վառած մոմերը: Առակին մէջ փեսային գալուստը նկարագրող բաժինի ընթերցանութեան ընթացքին, աշակերտուհիներէն հինգը մարեցին իրենց մոմերը` իբրեւ խորհրդանիշ անպատրաստ եւ յիմար կոյսերուն: Իսկ միւս հինգը վառ պահեցին իրենց մոմերը` իբրեւ խորհրդանիշ իմաստուն կոյսերուն, որոնք պատրաստ էին փեսային գալստեան: Առակը յիշեցում մըն է, որ քրիստոնեաներ պարտին իրենց կեանքերը ապրիլ աւետարանական ճշմարտութեանց գիտակցութեամբ եւ իրենք զիրենք պատրաստել Տիրոջ դատաստանին առջեւ կանգնելու:

Եկեղեցական արարողութեան աւարտին, Մայր տաճարի լուսարարապետ Սիփան Ծ. վրդ. Քէչէճեանի առաջնորդութեամբ, «տասը կոյսերը» եւ իրենց ծնողները բարձրացան վեհարան, ուր Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդունեց եւ օրհնեց զիրենք: Վեհափառ հայրապետը խօսելով օրուան խորհուրդին մասին իր հայրական թելադրութիւնները կատարեց: Ան նաեւ յիշեցուց մեր եկեղեցւոյ, ինչպէս նաեւ աւանդութիւններուն կառչած մնալու կարեւորութիւնը: Աւարտին, վեհափառ հայրապետը իւրաքանչիւր աշակերտուհիի օրհնուած խաչ մը նուիրեց:








All the contents on this site are copyrighted ©.